2012-08-18 14:09:49

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Երեսունչորսերորդ – Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳՒՈՅՆ (2)
Հարցում թիւ 117. Ինչպէ՞ս Սուրբ Հոգին կրցաւ գործել Մարիամի մէջ, անոր հետ եւ անոր միջոցաւ։
Մարիամ եղաւ ամբողջովին հասանելի եւ ընկալելի Աստուծոյ համար (Ղուկաս, 1, 38)։ Այսպէսով, Սուրբ Հոգւոյն ազդեցութեամբ, ան կրցաւ ըլլալ Մայրն Աստուծոյ եւ որպէս Մայր Քրիստոսի` ան հանդիսացաւ նաեւ մայրը բոլոր քրիստոնեաներուն եւ նոյնիսկ բոլոր մարդոց։
Մարիամ թոյլ տուաւ որ Հոգին Սուրբ կատարէ մեծագոյն հրաշքը. Աստուծոյ մարմնացումը։ Ան այո՛ ըսաւ Աստուծոյ. ՙԵս Տիրոջ աղախինն եմ, Թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համեմատ՚ (Ղուկաս, 1,38)։ Նեցուկ ունենալով Սուրբ Հոգին, ան ընկերացաւ Յիսուսի իր ուրախութիւններուն ու վիշտերուն մէջ, մինչեւ Խաչին ոտքը։ Եւ ճիշդ այդտեղ է որ Յիսուս զինք մեզի ընծայեց որպէս մայր (Յովհաննէս, 19, 25-27)։
Հարցում թիւ 118. Ի՞նչ պատահեցաւ Պենտեկոստէի օրը։
Իր յարութենէն յիսուն օր ետք` Տէրը ուղարկեց երկնքէն Սուրբ Հոգին իր աշակերտներուն վրայ։ Այսպէսով կը սկսի Եկեղեցւոյ շրջանը։
Պենտեկոստէի օրը, Սուրբ Հոգին փոխեց Առաքեալները, որոնք պապանձած էին վախէն` քաջասիրտ վկաներ ըլլալու Քրիստոսի։ Շատ քիչ ժամանակուայ մէջ, հազարաւոր անձեր մկրտուեցան. Այս եղաւ Եկեղեցւոյ ծնունդը։ Պենտեկոստէի լեզուներու հրաշքը ցոյց կու տայ թէ` սկիզբէն ի վեր, Եկեղեցին եղած է բոլորին համար, ան ընդհանրական է (կաթողիկէ բառը յառաջ կու գայ յունական մէկ արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ` բաց բոլորին) եւ ուղղուած դէպի առաքելութիւն։ Ան բոլորին կ՛ուղղուի, կը գերազանցէ բոլոր արգելքները տոհմային ու լեզուական եւ կրնայ հասկցուիլ բոլորին կողմէ։ Մինչեւ մեր օրերը, Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ կեանքին նեկտարն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.